2014-04-09 09:19:43

Սուրիոյ մէջ ընտրութիւնը պիտի կայանայ նախապէս նշուած ժամկէտին` յուլիսին


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ճշդուած ժամկէտին:
«Ոչ ոք լիազօրութիւն ունի փոխելու կամ չեղեալ նկատելու այդ ընտրութիւնը: Ատիկա տեղի պիտի ունենայ ճշդուած ժամկէտին», նշած է Զոհպի:
Ըստ նախարարին, թեկնածուներու դիմումներուն ընդունումը` ընտրութեան մասնակցելու համար, պիտի սկսի 20 ապրիլին:
Դիմումները պիտի ընդունուին մօտ օրէն: Սուրիոյ քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ է, որ Պաշշար Ասատ շարունակէ երկիրը ղեկավարել», ըսած է ան:
Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւն նշանակուած է յուլիսին: Պաշշար Ասատ, որուն պաշտօնավարման երկրորդ շրջանը իր աւարտին կը մօտենայ, տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու, սակայն փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ ան պիտի պահէ իր պաշտօնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիա երէկ յայտարարեց, որ իր ծովուժին պատկանող 12 մարտանաւեր կը գտնուին Միջերկրականի մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ հիւսիսի նաւատորմիղի հրամանատար Վլատիմիր Քորոլովք լրագրողներուն յայտնած է.«Հիւսիսի նաւատորմիղին պատկանող 12 մարտանաւեր ներկայիս իրենց առաքելութիւնը Միջերկրական ծովուն մէջ կը կատարեն»:
Միջերկրականի մէջ գտնուող ռուսական մարտանաւերը կը գլխաւորէ «Մեծն Պետրոս» յածանաւը:
Ինչ կը վերաբերի Միջերկրականի մէջ ռուսական մարտանաւերուն առաքելութեան, հիւսիսի նաւատորմիղի հրամանատարը ըսաւ.«Շրջանային մակարդակի վրայ զսպման եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ (ապահովական) գործողութիւններու համակարգը պահպանելու առաքելութիւն կը կատարենք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.